Աւետարանին պատգամը
– Հաճեցէք հետեւեալը կարդալ`
ԾՆՆԴՈՑ 1:1 | Ի սկզբանէ Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը: |
Հռոմէացիներ 3:23 | Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն |
Յովհաննէս 8:34 | Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքին ստրուկն է” |
Տէր Աստուած ստեղծեց մեզ սակայն մենք զինք չենք ճանչնար նոյնիսկ իրմէ անջատուած ենք: Առանց Աստուծոյ՝ մեր կեանքերը անիմաստ ու աննպատակ են: Իսկ մեր մեղքին հետեւանքը (վարձք մը որ վճառուելու է) մահ է, թէ հոգեպէս ու թէ ալ ֆիզիգապէս: Հոգեւոր մահը Աստուծմէ անջատուիլ կը նշանակէ: Իսկ ֆիզիգական մահը մարմին փճացումն է: Եթէ մեր մեղքերով մահանանք յաւիտեան Աստուծմէ կ’անջատունիք ու մեր վերջը դժոխք կ’ըլլայ: Ինչպէ՞ս մեր անձերը մեր մեղքերէն կրնանք փրկել եւ Աստուծոյ վերադարնալ: Մեր անձերը չենք կրնար փրկել որովհետեւ մեղաւոր անձը կարելի չէ որ ինքզինք փրկէ՛ (ինչպէս խեղդուող անձը ինքզինք չի կրնար փրկել): Ոչ ալ ուրիշներ մեզ կրնան փրկել որովհետեւ բոլորս մեղաւոր ենք (խեղդուով անձ մը չի կրնար ուրիշ խեղդուող մը փրկել, երկուքն ալ օգնութեան պէտք ունին): Մենք կարիքը ունինք անձի մը որ առանց մեղքի է (խեղդուող չէ՛) որպէսզի մեզ մեր մեղքէն փրկէ: Միայն անմեղ անձ մը մեզ կրնայ փրկել: Ինչպէ՞ս անմեղ անձ մը մեղաւոր աշխարհի մը մէջ կրնանք գտնել, ուր բոլորն ալ մեղանչեցին:
Հռոմէացիներ 6:23 | Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, բայց Աստուծոյ շնորհը՝ յաւիտենական կեանք է, Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տէրոջ միջոցով: |
Յովհաննէս 3:16 | Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը: |
ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1:23 | «Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն», որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ: |
Յովհաննէս 8:23 | Ըսաւ անոնց. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ: |
ՄԱՐԿՈՍՒ 1:11 | ու ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»: |
Յովհաննէս 8:36 | Ուրեմն եթէ Որդին ազատէ ձեզ, ի՛րապէս ազատ պիտի ըլլաք: |
Յովհաննէս 8:34 | Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”»: |
Յովհաննէս 1:12 | Բայց անոնց՝ որ ընդունեցին զինք – անոնց՝ որ կը հաւատան իր անունին – իրաւասութիւն տուաւ Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու: |
Աստուած որ մեզ աստեղծեց եւ մեզ մեծապէս սիրեց ինքնին լուծումը մեզի ներկայացուց: Մեզ անսահման սիրոյն համար իր միածին որդին տէր Յիսուսը ղրկեց որպէսզի մեր մեղքերուն համար մեռնի: Յիսուս անմեղ է որովհետեւ ան այս աշխարհէն չէ եւ երբ աշխարհ էր յաղթահարեց սատանային մեղքի փորձութիւնը: Իր կեանքը հաճելի էր Աստուծոյ զոր երկինքն է: Յիսուս կրեց մեր մեղքերը եւ խաչին վրայ մեր մեղքերուն համար մահացաւ: Ան մեր կեանքերուն փրկիչն է (Յիսուս կարող է մեզ փրկելու որովհետեւ ան չէր խեղդուէր): Յիսուսին խաչին վրայ մահը մեր մեղքերուն վճիռը հատուցելու նպատակով էր ու հետեւաբար մեր մեղքերը վերձնել եւ վերականգնել մեր կոտրած յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Աստուծոյ զօրութեամբ կենդանացանք հոգեւով մահուանէ (Աստուծմէ անջատուելէ): Այս նոր յարաբերութիւնը կ’անուանուի վերստին ծնունդ ունենալ: Այս է որ մեզ կը վերադարձնէ մեր ստեղծման ու գոյութեան հիմնական նպատակին ու կ’ընծայէ իսկական նշանակութիւնն ու նպատակը ապրելու:
Յովհաննէս 11:25 | Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի |
Հռոմէացիներ 6:9 | Քանի որ գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ այլեւս չի մեռնիր. ա՛լ մահը չի տիրեր անոր վրայ |
Գործք 2:24 | Բայց Աստուած յարուցանեց զայն՝ քակելով մահուան ցաւերը, քանի որ կարելի չէր որ ան բռնուէր անկէ: |
Հռոմէացիներ 14:9 | Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն |
Գործք 1:11 | եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»: |
Ի՞նչ է փաստը թէ Յիսուսի զոհաբերութիւնը խաչին վրայ մեր մեքղերուն համար մահանալով ընդունելի էր Աստուծմէ զոր երկինքն է: Փաստը՝ Աստուծոյ Յիսուսին մահուանէ վերակենդանացումն է: Յարութեամբ՝ Յիսուսի մահուան յաղթահարումը փաստուեցաւ (այսինքն մահը իշխանութիւն չունի իրեն վրայ): Աժմ քանի Յիսուս գոյ է ուստի մենք եւս կրնանք գոյ ըլլալ: Ան մեր մէջ բնակելով մեզի կեանք կու տայ: Նաեւ այսօր ան կենդանի է քանի յարութիւն առաւ:
Յովհաննէս 5:24 | Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ՚ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝ որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ՚իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”: |
Յովհաննէս 10:9 | “Ե՛ս եմ դուռը”. եթէ մէկը ներս մտնէ ինձմէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ ու ելլէ, եւ արօտ գտնէ: |
Յովհաննէս 14:6 | Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով |
Յովհաննէս 8:24 | Ուստի ըսի ձեզի թէ պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ. արդարեւ եթէ չհաւատաք թէ ես եմ ՝ պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ»: |
Գործք 4:12 | Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»: |
Հռոմէացիներ 10:13 | Քանի որ “ո՛վ որ Տէրոջ անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի”: |
Հռոմէացիներ 10:11 | Քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»: |
Հռոմէացիներ 2:11 | որովհետեւ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ |
Հռոմէացիներ 3:22 | այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ |
Հռոմէացիներ 10:9 | Որովհետեւ եթէ բերանովդ Տէր դաւանիս Յիսուսը, ու սիրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն՝ պիտի փրկուիս |
Ի՞նչպէս մեր մեղքերէն կրնանք մաքրուիլ եւ այս նոր կեանքը կրնանք ստանալ: Հաւատալով՝ թէ Յիսուս ինքն է տէրն ու փրկիչը: Եթէ մեր մեղաւոր ճամբաներէն հեռանանք եւ Յիսուսի միջոցաւ ներում ու փրկութիւն խնդրենք ան պիտի իրականացնէ զայն: Յիսուս Աստուծոյ միածին որդին է որ աշխարհ եկաւ մեր մեղքերուն փոխարէն մեռնելու: Աշխարհի վրայ որեւէ անձ որ իրեն վստահի Աստուծմէ ներում պիտի ստանայ եւ իր մեղքերէն (նաեւ դժոխքէն) պիտի փրկուի եւ պիտի ստանայ վերստին կեանք: Աստուած աչառութիւն չնե՛ր: Ան երբեք նկատի չարներ այն երկիրը ուր կ’ապրինք, լեզուն որ կը խօսինք, հարուստ ենք թէ աղքատ, արու ենք թէ էգ, երտասրդ ենք թէ ծեր եւ կամ որեւէ ուրիշ շոշափելի տարբերութիւններ: Բոլոր անոնք որ կը հաւատան ու կ’ընդունին Յիսուսը պիտի փրկուին: Եթէ որոշեցիր Յիսուսի հետեւիլ այս հետեւեալ աղօթքը կրնաս աղօթել ըսելով՝
Երկնաւոր Աստուած շնորհակալ եմ քու միածին որդին Յիսուսը ղրկելուդ համար իմ մեղքերուս փոխարէն մեռնելու թէ որպէսի փրկուիմ ու երկնքէն վերստին կեանք ունենամ: Կը զխճամ ու կը հերանամ մեղաւոր ճամբաներէս եւ մեղքերուս ներում կը խնդրեմ: Կը հաւատամ Յիսուսի եւ Յիսուս իբրեւ տէր ու փրկիչ կ’ընդունիմ: Զիս օգնէ ու առաջնորդէ որպէսզի ապրիմ կեանք մը քեզի հաճոյ թուի սա վերստին կեանքին մէջ զոր ինձ պարգեւեցիր:Ամէն:
Եթէ կատարեցիր վերյիշեալ աղօթքը, Աստուծմէ խնդրէ որ քեզ եկեղեցի մը նշէ ուր կարելի է հաճախիս: Աստուծոյ հետ մշտական կերպով աղօթքի միջոցաւ խօսիր եւ Աստուած քիզի ձայն պիտի տայ: Լսէ՛ Աստուծոյ ձայնը: Աստուած քեզ պիտի առաջնորդէ: Ան քեզ կը սիրէ եւ հոգատարութեամբ պիտի խնամէ: Իրեն կրնաս վստահիլ: Ան երբեք չի մոռնար բոլոր անոնք որ իրեն կը վստահին: Աստուած բարի է: Ան վստահելի է: Կեանքիդ ընթացքը անոր կրնաս վստահիլ: Կարիքներդ իրեն ներկայացուր: Ան քեզմով հետաքրքրուած է եւ քեզ պիտի օրհնէ: Աստուած ըսաւ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»: Աստուծոյ վստահիր: Յիսուսի միջոցաւ օրհնուիր:
Մշտական կերպով աւետարանը ընթերցէ, Յովհաննու աւետարանէն սկսեալ: Յաւելեալ համացանցային միջոցներու համար այստեղ սեղմեցէք
WA53 Western Armenian NT